2015-05-22 09:25:00

Անյոյս Դատերու Փաստաբանուհի` Սրբուհի Ռիթայի Տօնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Անկարելի բաներու սրբուհին՝ այսպէս կը կոչուի Սրբուհի Ռիթան որուն ծիսական տօնը կը նշուի 22 մայիսին։

Ան ծնած էր 1381-ին Ումպրիոյ Ռոքքափորէնա գիւղը, բարեպաշտ ու խոնարհ ծնողներէ։ 
Անոր կեանքը ողբերգութիւններով լի եղաւ, հակառակ որ իր փափաքն էր վանք մտնել ու ինքզինք ամբողջովին Աստուծոյ նուիրել, իր ծնողներուն կամքին հնազանդելով ամուսնացաւ եւ ունեցաւ երկու զաւակ։

Երբ Ռիթային ամուսինը կը սպաննուի, անոր զաւակները կը մտադրեն իրենց վրէժը լուծել։ Սրբուհի Ռիթան որ անխոնջ հաւատացեալ էր եւ ներած էր իր ամուսնոյն մարդասպանները, աղօթեց նախընտրելով իրեն զաւակներուն մահը քան թէ ականատես ըլլար անոնց բռնարար արարքներուն որոնք իրենց Հոգւոյն փրկութիւնը կրնային վտանգել։ Քիչ ժամանակ ետք անոնք կը հիւանդանան ու կը մեռնին։ 
Երբ այրի ու որդեկորոյս դիմեց Օգոստինեան Քոյրերու վանքը զինք չընդունեցան։ Աղօթքի ուժով, Սուրբերու եւ նոյնինքն Սուրբ Օգոստինոսի միջնորդութեամբ է որ անոր առջեւ բացուեցան Օգոստինեան Վանքի դռները 1413 թուականին, ուր ապրեցաւ մինչեւ մահ` 1457ի Մայիս 22ին։ Երբ իր աչքերը փակեց..... պատահեցաւ զարմանալին..... Վանքի Զանգակները ինքնաբերաբար ղօղանջեցին, առանց մարդու միջնորդութեան։ Իր ճակտի վրայ կրած վէրքը (Յիսուսի Փշեպսակէն խոցուած էր մինչ կ՝աղօթէր) փոխան գարշահոտութեան, անոյշ բոյր մը տարածեց ամէն կողմ։

Ներկայիս ուխտաւորները որոնք կ՝այցելեն Քաշա գիւղը, կրնան տեսնել անոր մարմինը անապական ու անփուտ։ Մինչեւ այսօր ան կը հանգչի ապակիէ դագաղի մը մէջ, կարծես թէ կը ննջէ ու տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներ կը դիմեն իրեն, կը համբուրեն անոր Սուրբ Մարմինը եւ հրաշքներ կ՝ընդունին։ Ան կը կոչուի նաեւ Անհաւատներու Սրբուհին։ Անյոյս Դատերու Փաստաբանուհին Սրբադասուեցաւ 1900ի՝ Մայիս 24ին։

ԱՂՕԹՔ ՍՐԲՈՒՀԻ ՌԻԹԱՅԻՆ
Ո՜վ սրբուհի Ռիթա, դուն որ այնքան կաթոգին սրտով փափաքեցար Աստուծոյ փառքը և մեղաւորին դարձը. Դուն որ այնքան ողորմութեան և ապաշխարութեան գործեր ըրիր, մեղաւորներու դարձին համար, նայուածքդ իմ վրաս ալ ուղղէ և ընդունէ ինծի համար զղջումիս հետ նաեւ անկեղծ խոստովանանք մը:
Այս շնորհքը բոլոր սրտովս կը խնդրեմ. Նոյնը յաջողցուր աշխարհի բոլոր մեղաւորներուն համար, մանաւանդ անոնց՝ որոնք ես գայթակղեցուցի. և առաջնորդէ զիրենք առաքինութեան ուղին:
Այնպէս ըրէ որ ամէնքը ըմբռնեն աստուածային գթութեան ճոխութիւնը:
Տուր որ չզեղծանինք քու բարութենէդ ու դարձեալ չիյնանք միեւնոյն մեղքերուն մէջ: Տուր որ Յիսուսի քաղցր անունը, միակ ու ապահով գրաւականը փրկութեան, երբեք չնախատուի, այլ միշտ յիշուի յարգանքով և օրհնութեամբ:
Ո՜վ սրբուհի Ռիթա, աղօթէ՛ հիմա և մի՛շտ, խեղճ մեղաւորներուն համար, մանաւանդ անոնց որ պիտի մեռնին այսօր. Ամէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.